Սպանական Լորքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային փառատօնին ընթացքին բաւական յաջող եւ տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան:
Ան միայն լրացուցիչ ցուցանիշով տիտղոսը զիջեցաւ պրազիլցի Ալեքսանտր Ֆիերին:
Անոնք երկուքն ալ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեցին 7,5-ական կէտ:
Փաստօրէն, հայրենի ճատրակ խաղացողին համար ճակատագրական եղաւ 2-րդ հանգրուանին անոր կրած պարտութիւնը` Մարք Քարպոնելլիէն:
Գրիգորեան 8-րդ հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆիերիի հետ: