Ռուսիա դիմում պիտի ներկայացնէ 2036 թուականի ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար:
Երկրի փոխվարչապետ Տմիթրի Չերնիշենքօ յայտնած է, որ Ռուսիա պէտք է պայքարի խաղերը կազմակերպելու համար, եւ անհրաժեշտ է, որ յարմար թեկնածու քաղաք մը ընտրուի: Ան աւելցուցած է, որ երբ ընտրուի կազմակերպիչ քաղաքը, անհամբեր պիտի սպասեն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի յայտարարութեան:
Ըստ անոր, խաղերը կրնան կազմակերպել հեռաւոր արեւելքի կամ Սոչիի մէջ, որ արդէն 2014-ին հիւրընկալած է ձմեռնային ողիմպիական խաղերը:
Թեկնածու քաղաքները կրնան ըլլալ նաեւ Մոսկուան, Նիժնի Նովկորոտը, Ս. Փեթերսպուրկը, Քազանը եւ Վլատիվոսթոքը: