Գերմանական «Պունտըսլիկա»-ի մէջ ելոյթ ունեցող ֆութպոլիստները ընտրեցին նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
«Քիքըր» կը յայտնէ, որ ֆութպոլիստներուն 43,2 առ հարիւրին քուէարկութեան համաձայն, լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի:
Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: