Էլինա Դանիէլեան. «Ուրախ Եմ, Որ Ընտրուած Եմ Տարուան Տասը Լաւագոյն Մարզիկներուն Կազմին Մէջ»
Եւրոպայի ճատրակի ախոյեան, Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներէն էլինա Դանիէլեան յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներուն: «Ուրախ եմ, որ ընդգրկուած եմ Հայաստանի տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներուն մէջ: Շնորհակալութիւն բոլորին` իմ օգտին քուէարկելու համար: Եւս մէկ անգամ կ՛ուզեմ շնորհաւորել բոլոր մետալակիրները եւ մաղթել նորանոր յաջողութիւններ, մետալներ եւ յաղթանակներ», յայտնեց Դանիէլեան:




















