Աւստրալիացի թենիսի աստղ Նիք Քիրիոս յայտնած է, որ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը աղէտ պիտի ըլլայ առանց Ռոժէ Ֆետերերի, Նովաք Ճոքովիչի եւ Ռաֆայէլ Նատալի մասնակցութեան:
Ան աւելցուցած է, որ առանց երեք աստղերուն բացարձակ աղէտ կ՛ըլլայ երկրպագուներուն եւ թենիսի սիրահարներուն համար:
Ռոժէ Ֆետերեր յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի մրցաշարքին, իսկ Ճոքովիչ պէտք է լուծէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի հարցը: Ինչ կը վերաբերի Նատալին, սպանացին վերջերս վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով: