Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ արդէն ընթացք առաւ արագ եւ կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 26-28 դեկտեմբերին կը կայանայ արագ, իսկ 29-30 դեկտեմբերին` կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը եւս տասնմէկ կրանտմասթըրով կը մասնակցի այս ախոյեանութեան: 27 դեկտեմբերին Հայաստանը ներկայացնող Սամուէլ Տէր Սահակեան մրցեցաւ օրեր առաջ աշխարհի ախոյեանի կոչումը պաշտպանած Մակնուս Քարլսընի հետ եւ մրցումը աւարտեց ոչ ոքի:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն 5 հնարաւորէն 4 կէտ ունի Տիգրան Պետրոսեանը, 3,5 կէտ հաւաքեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեանն ու Սերկէյ Մովսէսեանը: 3 կէտ հաւաքեցին Շանթ Սարգսեանը, Մանուէլ Պետրոսեանը, 2,5 կէտ ունի Հայկ Մարտիրոսեանը, 2 կէտ` Սամուել Տէր Սահակեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, 1 կէտ` Յովհաննէս Գաբուզեանը:
Կիներու մրցաշարքին 4 հնարաւորէն 2,5 կէտ ունի Եւրոպայի գործող ախոյեան Էլինա Դանիէլեանը, 1,5 կէտ հաւաքեց Սուսաննա Գաբոյեանը: