Յայտնի դարձած են «Կլոպ Սաքըր» մրցանակաբաշխութեան քանի մը դասակարգումներու յաղթողները:
Նախորդ տարուան լաւագոյն խումբը ընտրուած է Չելսին, որ դարձաւ «Չենփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եու. Էֆ. Ա.»-ի բաժակի ախոյեանը:
Աղջկանց ֆութպոլի լաւագոյն խումբը ընտրուած է Պարսելոնան, որ 2021 թուականին նուաճած էր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի բաժակը եւ դարձած էր Սպանիոյ ախոյեան:
Լաւագոյն աղջիկ ֆութպոլիստը ընտրուած է Պարսելոնայի կիսապաշտպան Ալեքսիա Պուտելիասը:
Մրցանակ Ռոնալտինիոյին`
Իր Փառահեղ Ասպարէզին Համար
Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ «Կլոպ Սաքըր» մրցանակաբաշխութիւնը:
Պարսելոնայի, Միլանի եւ Պրազիլի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Ռոնալտինիոն ներկայ եղած է մրցանակաբաշխութեան` արժանանալով իւրայատուկ մրցանակի:
Պրազիլցի առասպելական ֆութպոլիստը պարգեւատրած են փառահեղ ասպարէզին համար:
Նշենք, որ Ռոնալտինիօ իր մարզական ասպարէզը աւարտած է 2018 թուականին: 2005 թուականին Ռոնալտինիօ արժանացած է «ոսկիէ գնդակ»-ին: