Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նանթ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վիթրէին, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նանթի գլխաւոր խումբին հետ իր նորամուտը նշեց ֆրանսահայ 19 տարեկան միջնապահ Գոռ Մանուէլեան, որ դաշտ ներկայացաւ 74-րդ վայրկեանին:
Գոռ Մանուէլեան, որ Նանթի սան է, մաս կազմած է ակումբին երկրորդ խումբերուն, ինչպէս նաեւ 17 եւ 19 տարեկանէն վար կազմերուն:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 400 հազար եւրոյով: