Անգլիական Չելսի խումբի նախկին նշանաւոր մարզիկ Ճոն Թերի պաշտօն ստանձնած է լոնտոնեան ակումբին մէջ:
Թերի պիտի աշխատի ակումբի ակադեմիային մէջ` վարելով մարզիչ-խորհրդականի պաշտօնը: Ան պիտի աշխատի ակադեմիայի մարզիչներուն եւ ֆութպոլիստներուն հետ:
Մարզումներ կատարելէ բացի, Թերի խորհրդատուական ծառայութիւն պիտի մատուցէ մարզիչներուն, պիտի նպաստէ ակումբին ու երիտասարդ ֆութպոլիստներուն եւ անոնց ծնողներուն միջեւ երկխօսութեան:
Ան աշխատանքի պիտի սկսի յաջորդ ամիս: