Չելսի պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ակումբը 2021 թուականին արձանագրած է 145,6 միլիոն տոլարի վնաս:
Ակումբը կը շեշտէ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով առանց հանդիսատեսներու մեծ թիւով մրցումներ տեղի ունեցան, ինչ որ տնտեսական վնաս պատճառեց:
Ակումբը կը շարունակէ աջակցութիւն ստանալ սեփականատէր Ռոման Աբրամովիչին պատկանող «Ֆորտսթամ Լիմիթըտ»-էն, բայց ակումբը միաժամանակ կը նշէ, որ մօտ 1 միլիառ տոլար պարտք ունի «փոխկապակցուած ընկերութիւններուն»: