Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հրապարակեց անունները այն ֆութպոլիստներուն, որոնք վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով:
Այդ ցանկին մէջ է նաեւ արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ մնացեալ ֆութպոլիստներուն նման ինքնամեկուսացուեցաւ:
Նշենք, որ Մեսսի կարճատեւ արձակուրդէ մը ետք նախորդ շաբաթավերջին վերադարձաւ Արժանթինէն:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, 9 յունուարին մայրաքաղաքի կազմը կը մրցի Լիոնի դէմ: