Վարշաւայի մէջ երէկ սկսաւ կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 12 հանգրուաններէ ետք տղոց մրցաշարքին մէջ յառաջատար դիրքը կը գրաւէ այժմ Միացեալ Նահանգներու դրօշին ներքեւ խաղացող Լեւոն Արոնեանը, որ շահած է 10 միաւոր: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի եգիպտացի Պասեմ Ամինը` 9,5 միաւորով:
Հայաստանցի ճատրակ խաղացողներէն լաւագոյն արդիւնքը ունի Հայկ Մարտիրոսեան, որ ունի 8,5 միաւոր: Ան կը գտնուի 11-րդ դիրքին վրայ: Իրենց օգտին 7-ական միաւոր ունին Տիգրան Պետրոսեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Մանուէլ Պետրոսեանը եւ Սամուէլ Տէր Սահակեանը: