Ճատրակ. Յովիկ Հայրապետեան Միակն Ըլլալով Ունեցաւ Յաղթական Մեկնարկ Մը
Երէկ` կիրակի, 9 յունուարին Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի 12-րդ յուշամրցաշարքին: Տարիքային տարբեր խումբերով ընդհանուր առմամբ տեղի կ՛ունենայ 8 մրցաշարք: Հիմնական մրցաշարքին կը մասնակցին 10 զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողներ, որոնք տիտղոսակիրը պիտի վճռեն շրջանաձեւ մրցակարգով: Հայաստանի 5 ներկայացուցիչներէն միայն կրանտմասթր Յովիկ Հայրապետեան յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ` յաղթելով իր իրանցի մրցակիցին` Ճաւատ Ալաւի Սայյետին: Վահէ Դանիէլեան եւ...




















