Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ գեղասահորդ Ատելիա Պետրոսեան կատարած է երկու քառակի ռիթպըրկըր, եւ ասիկա ո՛չ միայն կիներու, այլ նաեւ տղամարդոց մենասահքի ներկայացումներուն եւ մրցումներուն չէ արձանագրուած:
14-ամեայ պարմանուհին, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է չափահասներու մրցաշարքին, երկու ծրագիրներու իբրեւ արդիւնք վաստկած է 233.97 կէտ, որ շատ քիչ տարբերութիւն ունի երրորդ մրցանակակիր Աննա Շչերպակովայի արդիւնքէն: Ազատ ծրագիրին մէջ Ատելիա Պետրոսեան պարով ներկայացած է Արա Գէորգեանի «Արցախ» եղանակի կշռոյթներով:
Ռուսական լրատուամիջոցներուն հաղորդած տեղեկութիւններով` գեղասահքի 2022 թուականի Ռուսիոյ առաջնութեան ազատ ծրագիրի մրցումները ընթացած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ:
Նախապէս, 14-ամեայ գեղասահորդը քառակի ռիթպըրկըրը կատարած էր Փերմի Ռուսիոյ բաժակի փուլի մրցումներուն:
«Կը սահիմ, որ ոգեւորեմ իմ հայ ժողովուրդս, որուն արիւնը կը հոսի երակներուս մէջ: Կ՛ուզեմ յաղթել ի պատիւ իմ ժողովուրդիս, կ՛ուզեմ, որ Արցախը հայկական մնայ…», ըսաւ Ատելիա Պետրոսեան: