Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի կարծիքով` անցնող տարին աննախադէպ էր Հայաստանի համար:
«2021-ը մեր հաւաքականին համար պիտի մնայ իբրեւ լաւ յիշողութիւն: Մենք գիտէինք, որ կարելի էր մետալ նուաճել, պայքարեցանք եւ ապացուցեցինք: Յաղթանակներ շատ ունեցանք, բայց կը կարծեմ, որ ողիմպիական խաղերուն Արթուր Դաւթեանի արձանագրած յաջողութիւնը անբացատրելի զգացողութիւններ տուաւ բոլորիս: Այս տարին նոր մակարդակի բարձրացուց հայկական մարմնամարզութիւնը», յայտնեց Սերոբեան:
Հայաստանի մարմնամարզութեան մարզիչը աւելցուց, որ մեծ նպատակներ ունի 2022 թուականին հետ կապուած: