Մարզական

Հայաստանի 14 Եւ 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականներուն Յաղթանակները

Հայաստանի 14 Եւ 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականներուն Յաղթանակները

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սկսաւ 14 եւ 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի մրցաշարք մը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին Հայաստանի 14 եւ 15 տարեկանէն վար հաւաքականները ունեցան յաղթական մեկնարկներ: 14 տարեկանէն վար հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանին, իսկ 15 տարեկանէն վար հաւաքականը` Մոլտովային, 2-1 արդիւնքով: Նշենք,...

Ժիւտօ. Եւրոպայի Բաժակի Մրցաշարք.  Հայրենի Մարզիկները Մետալներով  Վերադարձան Ռումանիայէն

Ժիւտօ. Եւրոպայի Բաժակի Մրցաշարք. Հայրենի Մարզիկները Մետալներով Վերադարձան Ռումանիայէն

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի պատանեկան բաժակի մրցաշարքին մասնակցած Հայաստանի մարզիկները մետալներով վերադարձան հայրենիք: 55 քկ դասակարգին մէջ արծաթէ մետալակիր դարձաւ Գոռ Կարապետեան, մինչ նոյն դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Վահէ Աղասեան: Նշենք, որ Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները մրցանակային դիրքեր չկրցան գրաւել:

Ա. Էս. Ռոմա Մխիթարեանին Առաջարկեց  Երկու Տարուան Պայմանագրութիւն Մը

Ա. Էս. Ռոմա Մխիթարեանին Առաջարկեց Երկու Տարուան Պայմանագրութիւն Մը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին առաջարկեց իր գործող պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգել, սակայն աշխատավարձի որոշակի կրճատումով, այս մասին յայտնեց իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթը: Նշենք, որ 33 տարեկան Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Այս տարեշրջանին Մխիթարեան փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է...

Մահացաւ Աշխարհի Լաւագոյն  Կրանտմասթըրը

Մահացաւ Աշխարհի Լաւագոյն Կրանտմասթըրը

Շաբաթ, 7 մայիսին մահացաւ աշխարհի լաւագոյն ճատրակ խաղացող, ռուս կրանտմասթըր Եուրի Աւերպախ, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան իր ծննդեան 100-րդ տարեդարձը նշեց 8 փետրուարին: Նախապէս ան եղած է նախկին Խորհրդային Միութեան ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ, 1954-ին հանդիսացած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան, իսկ երկու անգամ ալ նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականին հետ հանդիսացած է Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսակիր:...

Թենիս.  Ալքարաս Տիրացաւ Մատրիտի Մասթըրզի  Մրցաշարքի Տիտղոսին

Թենիս. Ալքարաս Տիրացաւ Մատրիտի Մասթըրզի Մրցաշարքի Տիտղոսին

19 տարեկան սպանացի Քարլոս Ալքարասի յաղթանակով աւարտեցաւ Մատրիտի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքը: Աւարտական մրցումին 9-րդ դասուած սպանացին, որ մրցեցաւ երրորդ դասուած գերմանացի ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, արձանագրեց 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց մէկ ժամ: Այսպիսով, Ալքարաս դարձաւ այս մրցաշարքին ամէնէն երիտասարդ տիտղոսակիրը: Ալքարաս այս տարի տիրացած էր նաեւ Մայեմիի Մասթըրզի մրցաշարքի տիտղոսին: Նշենք, որ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լուքա Տոնքիչի Կարեւոր Նուաճումը

«Էն. Պի. Էյ.». Լուքա Տոնքիչի Կարեւոր Նուաճումը

Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող Լուքա Տոնքիչ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կարեւոր նուաճումի մը հասաւ, երբ Ֆէոնիքս Սանզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (111-101) նշանակեց 26 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ: Այսպիսով, փլէյ օֆի իր առաջին 20 մրցումներուն ան ընդամէնը նշանակեց 650 կէտ, կատարեց 150 ռիպաունտ եւ 150 էսիսթ: Ան «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան...

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Դպրոցին Կազմակերպած Մրցաշարքը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Դպրոցին Կազմակերպած Մրցաշարքը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Շաբաթ, 7 մայիսին, իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցին կազմակերպած 16 տարեկանէն վար (2007-2008) տարիքային մրցաշարքը: Աւարտական մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-1 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ-ի դպրոցի խումբին: Մրցաշարքի աւարտին առաջին եւ երկրորդ հանդիսացած խումբերը իրենց մետալներն ու տիտղոսը ստացան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Խիւտավերտեանէն: Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն ու մարզիչները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբը` այս մրցաշարքին կազմակերպման...

Ծանրաբարձութիւն.  Գարիկ Կարապետեան` Աշխարհի  Երիտասարդներու Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Գարիկ Կարապետեան` Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 8 մայիսին Հայաստանի խումբը իր երկրորդ ոսկի մետալին տիրացաւ աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Յունաստանի Հերաքլիոն քաղաքին մէջ: 96 քկ դասակարգին մէջ, Գարիկ Կարապետեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 370 քկ արդիւնք մը, հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Արծաթէ մետալին տիրացաւ Մոլտովայի ներկայացուցիչը (364 քկ), իսկ պրոնզէ մետալին` Եգիպտոսի ներկայացուցիչը (359 քկ): Նշենք, որ նախորդ շաբաթ,...

Հայկական Ֆութպոլ.  Նորավանք` Հայաստանի Բաժակակիր

Հայկական Ֆութպոլ. Նորավանք` Հայաստանի Բաժակակիր

Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ուրարտու եւ Նորավանք: Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ իր կոլերը նշանակելով 28-րդ եւ 77-րդ վայրկեաններուն, այսպիսով Նորավանք ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Նախքան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը ապահովելը, 2020-ին հիմնուած Նորավանք յաջողած էր...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականները   24 Մետալի Տիրացան Վրաստանի Մէջ

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականները 24 Մետալի Տիրացան Վրաստանի Մէջ

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վրաստանի Քութայիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականները արձանագրեցին բաւական մեծ յաջողութիւն: Յայտարարուեցաւ, որ հայրենի մարզիկները ընդամէնը տիրացան 24 մետալի: Տղաքը տիրացան 15 մետալի (11 ոսկի, 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ), իսկ աղջիկները` 9 մետալի (5 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ): Նշուեցաւ նաեւ, որ հայրենի հաւաքականները...

Կռփամարտ.  Հայաստան 4 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի  Աղջկանց Ախոյեանութեան

Կռփամարտ. Հայաստան 4 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

Այսօր` երկուշաբթի, 9 մայիսին, Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) մեկնարկը կը տրուի աշխարհի աղջկանց կռփամարի ախոյեանութեան, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` չորս մարզիկով: Պոլսոյ մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Անուշ Գրիգորեան, Եքաթերինա Սիչեւա, Անի Յովսէփեան եւ Գայեանէ Տէր Բարսեղեան: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար, հայրենի հաւաքականը կատարեց մարզական երկու հաւաք: Աշխարհի այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի ուրբաթ, 20...

Փորթուգալեան Ֆութպոլ.  Փորթօ 30-րդ Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Ախոյեան

Փորթուգալեան Ֆութպոլ. Փորթօ 30-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փորթօ, որ հիւրը եղաւ Պենֆիքայի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Ապահովելով 88 կէտ եւ անհասանելի դառնալով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սփորթինկ Լիզպոնին (որ ունի 82 կէտ), Փորթօ այսպիսով 30-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Փորթուգալի ախոյեան: Տիտղոսին ամէնէն շատ տիրացած է Պենֆիքա` 37 անգամ, մինչ երրորդ...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Նանթ Ֆրանսայի Բաժակակիր` 4-րդ Անգամ Ըլլալով

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Նանթ Ֆրանսայի Բաժակակիր` 4-րդ Անգամ Ըլլալով

Շաբաթ, 7 մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Նանթ եւ Նիս: Մրցումը աւարտեցաւ Նանթի յաղթանակով, որ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Լուտովիչ Պլասի նշանակած կոլին (47-րդ վայրկեանին, փենալթիով): Նանթ այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր. վերջին անգամ` 2000-ին: Մրցումի աւարտին յաղթական...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Շալքէ Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»

Գերմանական Ֆութպոլ. Շալքէ Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»

Գերմանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Շալքէ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք  Զանքըթ Փաուլիի դէմ, ապահովեց Ա. դասակարգի «Պունտըսլիկա»-ին իր տոմսը: Նշենք, որ Զանքըթ Փաուլի ինք էր, որ նշանակեց մրցումին առաջին երկու կոլերը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա ապահովեց այս տարեշրջանի իր 62-րդ կէտը` հինգ կէտի առաւելութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ: Պիքֆայայի մէջ գտնուող «Սամիէ Սալիմ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած աւարտականի այս մրցումը աւարտեցաւ Պէյրութի կազմին յաղթանակով, որ 82-65 արդիւնքով (22-10, 20-20, 23-11 եւ 17-24) յաղթեց Ռիատի Պէյրութի: Յաղթական կազմէն տապըլ տապըլ իրագործեցին Ժերար Հատիտեան (23 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ...

Հայաստանի 14 Եւ 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականները Կը Պատրաստուին Երեւանի Մէջ  Տեղի Ունենալիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի  Զարգացման Մրցաշարքերուն

Հայաստանի 14 Եւ 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականները Կը Պատրաստուին Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Զարգացման Մրցաշարքերուն

7-13 մայիսին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 14 եւ 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքերը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի հաւաքականները, այս մրցաշարքերուն լաւապէս պատրաստուելու համար, երեքշաբթի, 3 մայիսին, սկսան մարզական հաւաքի մը: 14 տարեկանէն վար մրցաշարքին կը մասնակցին Հայաստան, Լիբանան եւ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ, իսկ 15...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Գառնիկ Չոլակեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Գառնիկ Չոլակեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Յունաստանի Հերաքլիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գառնիկ Չոլակեան իր տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ Հայաստանի համար ապահովեց առաջին ոսկի մետալը` 55 քկ դասակարգին մէջ: Երկամարտի մրցումներուն, ան բարձրացնելով 240 քկ (108 եւ 132 քկ), հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Անդրանիկ Պապէեան (61 քկ), Գոռ Սահակեան (67 քկ), Մնացական Աբրահամեան...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Ֆուլհեմ Հանդիսացաւ Ա. Դասակարգի Ախոյեան

Անգլիական Ֆութպոլ. Ֆուլհեմ Հանդիսացաւ Ա. Դասակարգի Ախոյեան

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 45-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆուլհեմ 7-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լիւթընին, հանդիսացաւ Ա. դասակարգի ախոյեան, ապահովելով 90 կէտ: Այսպիսով, անիկա յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ բարձրագոյն դասակարգին մէջ: Անոր հետ միասին բարձրագոյն դասակարգ կը բարձրանայ նաեւ Պուրնըմաութ, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նոթինկհամ Ֆորեսթին (3-րդ, 79 կէտ), ապահովեց...

Սպանական Ֆութպոլ.  Ռէալ Մատրիտ Ախոյեան`  35-րդ Անգամ Ըլլալով

Սպանական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Ախոյեան` 35-րդ Անգամ Ըլլալով

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Էսփանիոլը, հանդիսացաւ երկրին ախոյեանը, եւ ասիկա` ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, արքայական ակումբը ունեցաւ 15 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը, իր անմիջական մրցակիցին` Պարսելոնայի վրայ: Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ իր պատմութեան մէջ 35-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան: Ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովելէ ետք, Ռէալի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Աւարտական` 28 Մայիսին

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Աւարտական` 28 Մայիսին

Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք յաջողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մանչեսթըր Սիթին` անոր դէմ երկարաձգման ընթացքին արձանագրելէ ետք 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ Սիթի երթի մրցումին Անգլիոյ մէջ արձանագրած էր 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սպանիոյ մէջ տեղի...

Page 403 of 1280 1 … 402 403 404 … 1,280

Արխիւներ