Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող Լուքա Տոնքիչ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կարեւոր նուաճումի մը հասաւ, երբ Ֆէոնիքս Սանզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (111-101) նշանակեց 26 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ:
Այսպիսով, փլէյ օֆի իր առաջին 20 մրցումներուն ան ընդամէնը նշանակեց 650 կէտ, կատարեց 150 ռիպաունտ եւ 150 էսիսթ:
Ան «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան մէջ միակն է, որ նման նուաճում յաջողած է իրագործել: