Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք յաջողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մանչեսթըր Սիթին` անոր դէմ երկարաձգման ընթացքին արձանագրելէ ետք 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Սիթի երթի մրցումին Անգլիոյ մէջ արձանագրած էր 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած դարձի այս մրցումին, արքայական ակումբին կոլերը նշանակեցին Ռոտրիկօ (90-րդ եւ 90+1-րդ) եւ Քարիմ Պենզեմա (90+5-րդ` փենալթիով), իսկ Սիթիի կոլը նշանակեց Ռիատ Մահրեզ (73-րդ):
Նշանակելով իր 10-րդ կոլը (տարեշրջանի մը ընթացքին)` այսպիսով Պենզեմա կրկնեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշը, որ իր կարգին նախապէս նշանակած էր նոյնքան կոլ` տարեշրջանի մը ընթացքին:
Ապահովելով աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` 17-րդ անգամ ըլլալով, Ռէալ Մատրիտ 28 մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կը մրցի Լիվըրփուլի դէմ, որ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց մրցաշարքէն դուրս ձգելով Վիարէալը: