Պենզեմա Հաւասարեցաւ Ռաուլի Հաստատած Մրցանիշին
Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լեվանթէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-0) դարձաւ կոլի հեղինակ, յաջողեցաւ հաւասարիլ ակումբի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի հաստատած մրցանիշին` իր նշանակած կոլերուն քանակով: Այսպիսով, 34 տարեկան Պենզեմա, որ անոր նման նշանակած է 323 կոլ, կը բաժնէ երկրորդ դիրքը: Մրցանիշը սակայն կը պատկանի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ...




















