Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ուրարտու եւ Նորավանք:
Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ իր կոլերը նշանակելով 28-րդ եւ 77-րդ վայրկեաններուն, այսպիսով Նորավանք ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Նախքան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը ապահովելը, 2020-ին հիմնուած Նորավանք յաջողած էր յաղթել Շիրակ Գիւմրիին, Արարատ-Արմենիային եւ Արարատին: