Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին առաջարկեց իր գործող պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգել, սակայն աշխատավարձի որոշակի կրճատումով, այս մասին յայտնեց իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթը:
Նշենք, որ 33 տարեկան Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը:
Այս տարեշրջանին Մխիթարեան փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 43 մրցումի, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած 9 էսիսթ: