Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վրաստանի Քութայիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականները արձանագրեցին բաւական մեծ յաջողութիւն:
Յայտարարուեցաւ, որ հայրենի մարզիկները ընդամէնը տիրացան 24 մետալի:
Տղաքը տիրացան 15 մետալի (11 ոսկի, 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ), իսկ աղջիկները` 9 մետալի (5 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Նշուեցաւ նաեւ, որ հայրենի հաւաքականները նաեւ հանդիսացան առաջին` խմբային բազմամարտերուն: