Յունաստանի Հերաքլիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գառնիկ Չոլակեան իր տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ Հայաստանի համար ապահովեց առաջին ոսկի մետալը` 55 քկ դասակարգին մէջ:
Երկամարտի մրցումներուն, ան բարձրացնելով 240 քկ (108 եւ 132 քկ), հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Անդրանիկ Պապէեան (61 քկ), Գոռ Սահակեան (67 քկ), Մնացական Աբրահամեան (81 քկ), Սուրէն Գրիգորեան (89 քկ), Գէորգ Ղահրամանեան (89 քկ), Գարիկ Կարապետեան (96 քկ), Պետրոս Պետրոսեան (102 քկ) եւ Միլենա Խաչատրեան (76 քկ):