Շաբաթ, 7 մայիսին, իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցին կազմակերպած 16 տարեկանէն վար (2007-2008) տարիքային մրցաշարքը:
Աւարտական մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-1 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ-ի դպրոցի խումբին:
Մրցաշարքի աւարտին առաջին եւ երկրորդ հանդիսացած խումբերը իրենց մետալներն ու տիտղոսը ստացան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Խիւտավերտեանէն:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն ու մարզիչները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբը` այս մրցաշարքին կազմակերպման համար: