Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 45-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆուլհեմ 7-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լիւթընին, հանդիսացաւ Ա. դասակարգի ախոյեան, ապահովելով 90 կէտ:
Այսպիսով, անիկա յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
Անոր հետ միասին բարձրագոյն դասակարգ կը բարձրանայ նաեւ Պուրնըմաութ, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նոթինկհամ Ֆորեսթին (3-րդ, 79 կէտ), ապահովեց 85 կէտ եւ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Նշենք, որ վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Տերպի Քաունթի, Փիթըրպորօ Եունայթըտ եւ Պարնզլի, պիտի փոխադրուին Բ. դասակարգ: