Շաբաթ, 7 մայիսին մահացաւ աշխարհի լաւագոյն ճատրակ խաղացող, ռուս կրանտմասթըր Եուրի Աւերպախ, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ան իր ծննդեան 100-րդ տարեդարձը նշեց 8 փետրուարին:
Նախապէս ան եղած է նախկին Խորհրդային Միութեան ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ, 1954-ին հանդիսացած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան, իսկ երկու անգամ ալ նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականին հետ հանդիսացած է Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսակիր: