19 տարեկան սպանացի Քարլոս Ալքարասի յաղթանակով աւարտեցաւ Մատրիտի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքը:
Աւարտական մրցումին 9-րդ դասուած սպանացին, որ մրցեցաւ երրորդ դասուած գերմանացի ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, արձանագրեց 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց մէկ ժամ:
Այսպիսով, Ալքարաս դարձաւ այս մրցաշարքին ամէնէն երիտասարդ տիտղոսակիրը:
Ալքարաս այս տարի տիրացած էր նաեւ Մայեմիի Մասթըրզի մրցաշարքի տիտղոսին:
Նշենք, որ Մատրիտի մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամն էր 6,7 միլիոն եւրօ:
Երէկ` երկուշաբթի, 9 մայիսին սկսած Հռոմի Մասթըրզի մրցաշարքին, ան հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել, որպէսզի կարենայ լաւապէս պատրաստուիլ 22 մայիսէն 5 յունիս տեղի ունենալիք Ֆրանսայի բաց ախոյեանութեան կրան շլեմի մրցաշարքին:


