Այսօր` երկուշաբթի, 9 մայիսին, Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) մեկնարկը կը տրուի աշխարհի աղջկանց կռփամարի ախոյեանութեան, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` չորս մարզիկով:
Պոլսոյ մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Անուշ Գրիգորեան, Եքաթերինա Սիչեւա, Անի Յովսէփեան եւ Գայեանէ Տէր Բարսեղեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար, հայրենի հաւաքականը կատարեց մարզական երկու հաւաք:
Աշխարհի այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի ուրբաթ, 20 մայիսին: