Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փորթօ, որ հիւրը եղաւ Պենֆիքայի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Ապահովելով 88 կէտ եւ անհասանելի դառնալով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սփորթինկ Լիզպոնին (որ ունի 82 կէտ), Փորթօ այսպիսով 30-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Փորթուգալի ախոյեան:
Տիտղոսին ամէնէն շատ տիրացած է Պենֆիքա` 37 անգամ, մինչ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Սփորթինկ Լիզպոն (19 անգամ):