Գերմանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Շալքէ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Զանքըթ Փաուլիի դէմ, ապահովեց Ա. դասակարգի «Պունտըսլիկա»-ին իր տոմսը:
Նշենք, որ Զանքըթ Փաուլի ինք էր, որ նշանակեց մրցումին առաջին երկու կոլերը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա ապահովեց այս տարեշրջանի իր 62-րդ կէտը` հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Համպուրկի, Տարմշթատի եւ Վերտըր Պրեմընի վրայ:
Անոնք երեքը կը պայքարին «Պունտըսլիկա»-ի երկրորդ տոմսին համար:
Շալքէ, որ տարեշրջան մը առաջ փոխադրուած էր Բ. դասակարգ, եօթը անգամ հանդիսացած է Գերմանիոյ Ա. դասակարգի ախոյեան: