Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ:
Պիքֆայայի մէջ գտնուող «Սամիէ Սալիմ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած աւարտականի այս մրցումը աւարտեցաւ Պէյրութի կազմին յաղթանակով, որ 82-65 արդիւնքով (22-10, 20-20, 23-11 եւ 17-24) յաղթեց Ռիատի Պէյրութի:
Յաղթական կազմէն տապըլ տապըլ իրագործեցին Ժերար Հատիտեան (23 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Հայկ Կէօքճեան (14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):
Պէյրութէն Էլի Շամուն բաւարարուեցաւ 5 թրի փոյնթով (15 կէտ):
Մրցումին աւարտին յաղթական կազմը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիէն:
Այստեղ նշենք, որ կիրակի, 15 մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով, մինչեւ երկուշաբթի, 16 մայիս, մարզական ամէն տեսակի ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը կը սառին: