Շաբաթ, 7 մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Նանթ եւ Նիս:
Մրցումը աւարտեցաւ Նանթի յաղթանակով, որ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Լուտովիչ Պլասի նշանակած կոլին (47-րդ վայրկեանին, փենալթիով):
Նանթ այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր. վերջին անգամ` 2000-ին:
Մրցումի աւարտին յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն:
Այստեղ նշենք, որ օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր 38 տարեկան Սթեֆանի Ֆրափար:
Ան 2009-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի կին իրաւարարներուն ցանկին մէջ է: