Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Էսփանիոլը, հանդիսացաւ երկրին ախոյեանը, եւ ասիկա` ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, արքայական ակումբը ունեցաւ 15 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը, իր անմիջական մրցակիցին` Պարսելոնայի վրայ:
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ իր պատմութեան մէջ 35-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:
Ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովելէ ետք, Ռէալի ֆութպոլիստները շրջագայեցան մայրաքաղաքի գլխաւոր ճամբաներուն մէջ` իրենց հազարաւոր համակիրներուն ներկայութեան:
Ռէալ Մատրիտը շնորհաւորողներուն կարգին եղաւ Պարսելոնա: