Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի պատանեկան բաժակի մրցաշարքին մասնակցած Հայաստանի մարզիկները մետալներով վերադարձան հայրենիք:
55 քկ դասակարգին մէջ արծաթէ մետալակիր դարձաւ Գոռ Կարապետեան, մինչ նոյն դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Վահէ Աղասեան:
Նշենք, որ Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները մրցանակային դիրքեր չկրցան գրաւել: