Եուվենթուս Հետաքրքրուած` Մոհամետ Սալահով
Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին անուանի ֆութպոլի ակումբներէն Եուվենթուս բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Լիվըրփուլին մաս կազմող եգիպտացի յառաջապահ` Մոհամետ Սալահով: Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը այժմէն իսկ կը փորձէ լաւապէս զօրացնել խումբին յարձակողական գիծը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Սալահ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի հեռանայ լիվըրփուլեան ակումբէն` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը` այժմու իր ակումբին հետ, իր աւարտին կը հասնի 2023-ին:




















