Ճատրակ. «Երեւան Օփըն». Մամիկոն Ղարիբեան` Երեք Յառաջատարներուն Կարգին
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Երեւան Օփըն» միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան երեք յառաջատարներուն կարգին է: Ղարիբեան, որ ապահոված է 5 կէտ, ռուս Սերկէյ Լոպանովի եւ Ալեքսէյ Կոկանովի հետ միասին կը բաժնէ 1-3-րդ դիրքերը: Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան միայն: Չորրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցող այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 15 երկիրներէ 292...




















