Վաղը` կիրակի, 16 հոկտեմբերին բաւական կարեւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, «Փարք տը Փրենս»-ի իր դաշտին վրայ, Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Մարսէյը:
Այս գագաթի ճակատումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մայրաքաղաքի կազմը այժմ 26 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Մարսէյ 23 կէտով` երրորդ դիրքը:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար այս մրցումէն մայրաքաղաքի կազմէն բացակային Քիլիան Էմպափէ եւ Ռենաթօ Սանչեզ (վիրաւոր), մինչ արդէն իսկ պիտի բացակային Լիոնել Մեսսի (վիրաւոր) եւ Սերճիօ Ռամոս (կախակայուած):


