Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Գոռ Սահակեան Շրջանցեց 2 Թուրք Մրցակիցներ Եւ Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Ախոյեան
Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Սահակեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: 67 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 301 քկ արդիւնք մը: Ան տիտղոսին տիրանալու համար իրեն մրցակից ունեցաւ երկու թուրքեր, սակայն ան անոնցմէ երեք քկ աւելի բարձրացնելով հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ Սահակեանէն առաջ պրոնզէ մետալակիր դարձած էր Ռաֆիկ...




















