Իտալական Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա դարձեալ վնասուածք ստացաւ քանի մը օր առաջ իր կազմին կատարած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը, որուն աջ ազդրը վնասուեցաւ Մաքապի Հայֆայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, շուրջ երեք շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ան վիրաւորուած էր նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մեկնարկային հանգրուանին եւ բացակայած մէկ ամիսով:


