Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 11-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի եւ փոխախոյեան Լիվըրփուլ:
Եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի նշանակած կոլին շնորհիւ (76-րդ), Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սիթիին:
Մրցումին 86-րդ վայրկեանին իրաւարարին սուլիչին դէմ բողոքող Լիվըրփուլի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Լիվըրփուլ այժմ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը, մինչ Սիթի 23 կէտով` երկրորդ դիրքը:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքը 27 կէտով կը գրաւէ Արսենալ:


