«Մերիտիըն Էքսփօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող «Երեւան Օփըն» ճատրակի 4-րդ միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ճատրակ խաղացողներուն մէջ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած են Տիգրան Քոթանջեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան, որոնք ապահոված են 3,5-ական կէտ:
Այս հանգրուանին Քոթանջեան սեւ քարերով 38-րդ շարժումին յաղթեց վրացի Միխեիլ Մչեդլիշվիլիին, մինչ Ղարիբեան ճերմակ քարերով 67-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց իրանցի Մոհամետ Մատին Շամսին:
Հայրենի վարպետները այժմ կէս կէտով ետ կը մնան դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող իրանցի Ամիրեզա Փուրամեզանալիէն:
Այսօր` ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները:


