Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիտըրզ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ թէեւ բաւական լաւ ներկայացում մը կատարեց, սակայն մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն յաղթանակը փախցուց իր ձեռքէն` կրելով 85-84 արդիւնքով պարտութիւն մը (17-23, 22-21, 27-19 եւ 19-21):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ժերըտ Տուայն (33 կէտ եւ 11 ռիպաուտ) եւ Թանիոս Աքիքի (12 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), իսկ անոնց խմբակից Ճես Ճոնզ նշանակեց 25 կէտ:
Իսկ Լիտըրզէն 22-ական կէտ նշանակեցին Մայք Հատտատ եւ Նիք Իվընզ:
Նշենք, որ Լիտըրզ, որ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, այսպիսով արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, մինչ ՀՄԸՄ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:


