Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Երեւան Օփըն» միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան երեք յառաջատարներուն կարգին է:
Ղարիբեան, որ ապահոված է 5 կէտ, ռուս Սերկէյ Լոպանովի եւ Ալեքսէյ Կոկանովի հետ միասին կը բաժնէ 1-3-րդ դիրքերը:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան միայն:
Չորրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցող այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 15 երկիրներէ 292 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 55-ը` միջազգային կոչում ունեցող վարպետներ, իսկ 22-ը` կրանտմասթըրներ: