Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք սամպոյի դեռահասակներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան նախօրեակին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան ընդունեց Սամպոյի միջազգային ֆետերասիոնի ռուս նախագահ Վասիլի Շեսթաքովը:
Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Սամպոյի միջազգային ֆետերասիոնին անդամները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Միքայէլ Հայրապետեան:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14-16 հոկտեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան քսան երկիրներէ շուրջ 500 երկսեռ մարզիկներ:
Չէզոք դրօշի տակ հանդէս պիտի գան Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մարզիկները:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին` ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):


