Իտալիոյ Սարտինիա քաղաքին մէջ սկսած աշխարհի ճատրակի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` երեք ներկայացուցիչով:
Տղոց մրցաշարքին կը մասնակցին միջազգային վարպետներ Արթուր Դաւթեան եւ Արմէն Բարսեղեան:
Իսկ աղջկանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ աղջկանց միջազգային վարպետ, աշխարհի 18 տարեկանէն վար գործող ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան:
Նշենք, որ Մկրտչեան անհատական վարկանիշով (2374) մրցաշարքին մասնակցողներուն մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:


