Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող 36 տարեկան յետսապահ Սերճիօ Ռամոս յոյս յայտնեց, որ Լուիս Էնրիքէէն հրաւէր կը ստանայ եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին:
«Փափաքս է ազգային խումբ վերադառնալ, բայց եւ այնպէս ատիկա ինձմէ կախեալ չէ:
«Եթէ մարզիչը զիս նկատի ունենայ իր կազմին մէջ, անմիջապէս պատրաստ եմ ատոր ընդառաջել», ըսաւ Ռամոս:
Նշենք, որ Ռամոս վնասուածքի պատճառով մարտ 2021-էն ի վեր մաս չի կազմեր ազգային խումբին:


