ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբներուն 209 միլիոն ամերիկեան տոլարի շուրջ փոխհատուցում պիտի յատկացնէ` իրենց խաղացողներուն 2022-ի Մոնտիալին մասնակցութեան համար:
Կազմակերպութեան կայքը յայտնեց, որ այդ փոխհատուցումը պիտի տրամադրուի բոլոր այն ակումբներուն, որոնց կազմին մէջ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող ֆութպոլիստները երկու տարի խաղցած են:
Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալէն ետք ՖԻՖԱ-ն գրեթէ նոյնքան գումար վճարած էր 63 ֆետերասիոններու 416 ակումբներուն:


