Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ անգլիական Չելսիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխել, շատ հաւանաբար ստանձնէ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
Գերմանացի մասնագէտը, որ նախորդ սեպտեմբերին հեռացուեցաւ Չելսիի կողմէ, յայտնեց, որ պատրաստ է ստանձնելու Անգլիոյ խումբին մարզիչի պաշտօնը, եթէ ատիկա առաջարկուի իրեն:
Նշենք, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն ետք, մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ պիտի հեռանայ Անգլիոյ ազգային խումբէն:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին, Անգլիոյ Ա. հանգրուանի մրցակիցները պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներ, Իրան եւ Կալես:


