Մարզական

Ֆութսալ. 2024-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ֆութսալ. 2024-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Չեխիոյ դէմ, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, 4-1 արդիւնքով: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայրենի կազմէն հեթրիք մը իրագործեց Վլատիմիր Սանոսեան, մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Արթուր Մելքոնեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:...

Հայաստանի Փարալիմփիք Խումբին  Յաջող Մասնակցութիւնը` Ռուսիոյ Մէջ

Հայաստանի Փարալիմփիք Խումբին Յաջող Մասնակցութիւնը` Ռուսիոյ Մէջ

Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Փարալիմփիք ամառնային խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Հայաստանի ազգային Փարալիմփիք կոմիտէի հաւաքականը հայրենիք վերադարձաւ 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալով: Աթլեթիզմի մրցումներուն մետալակիր դարձան Սմբատ Կարապետեան (2 արծաթ) եւ Արման Սարգսեան (2 պրոնզ): Փինկ փոնկի մրցումներուն պրոնզ մետալի տիրացաւ Տիգրան Պետրոսեան, իսկ թեքուանտոյի մրցումներուն երրորդ դիրքը գրաւեց Նայիրա Աղաբէկեան:

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը  Պարտուեցաւ Ալպանիայէն

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ալպանիայէն

Ալպանիոյ Էլպասան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Բ. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Ալպանիոյ, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին 67-րդ վայրկեանին Արեւիկ Սարգսեան, սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:    

Ալլեկրի Շատ Հաւանաբար  Կորսնցնէ Իր Պաշտօնը

Ալլեկրի Շատ Հաւանաբար Կորսնցնէ Իր Պաշտօնը

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Եուվենթուս պաշտօնանկ ընէ իր մարզիչը` Մասիմիլիանօ Ալլեկրին: Սակայն ակումբի նախագահ Անտրէա Անյելլի կը յայտնէ, որ հակառակ խումբին կրած վերջին պարտութեան, ան պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ պարտութեան համար պէտք է մեղադրել ամբողջ խումբը եւ ոչ միայն Ալլեկրին: Նշենք, որ նախանցեալ օր խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Ծախելու  Էմպափէն` Եթէ Ստանայ  400 Միլիոն Եւրոյի Առաջարկ

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Ծախելու Էմպափէն` Եթէ Ստանայ 400 Միլիոն Եւրոյի Առաջարկ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է ծախելու ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէն, եթէ անոր փոխանցման համար ստանայ 400 միլիոն եւրոյի առաջարկ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: 23 տարեկան ֆութպոլիստը դժգոհ է փարիզեան ակումբին ղեկավարութենէն եւ ամէն գնով կ՛ուզէ 2022-ի Մոնտիալէն ետք փոխել իր ակումբը, հակառակ անոր որ մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ: Ներկայ դրութեամբ...

Քաթարի Օդակայանը Պատրաստ Չէ  2022-ի Մոնտիալի Ծանրաբեռնուածութեան

Քաթարի Օդակայանը Պատրաստ Չէ 2022-ի Մոնտիալի Ծանրաբեռնուածութեան

Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ Քաթարի օդակայանը պատրաստ չէ 2022-ի Մոնտիալի ծանրաբեռնուածութեան: Համատ միջազգային օդակայանին անձնակազմը անհանգստացած է, որ ի վիճակի չէ սպասարկել ճամբորդներուն զանգուածային հոսքը, որուն պատճառով այցելուներուն անվտանգութիւնը կրնայ վտանգի տակ ըլլալ: Անոր պաշտօնէութեան որոշ աշխատակիցներ քիչ մը նեղացած կը թուին ըլլալ, որ թռիչքներուն կրկնապատկուիլը (օրական` 700-1600 թռիչք) կրնայ պատճառ դառնալ, որ անոնք չկարենան իրենց աշխատանքը լիուլի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Լիտըրզ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիտըրզ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին տեղի կ՛ունենայ Լիտըրզ-ՀՄԸՄ Պէյրութ բացման մրցումը, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանի մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ Լիտըրզի համար այս մրցումը պիտի ըլլայ տարեշրջանի առաջինը` նկատի ունենալով, որ Ռիատիի եւ Պէյրութի դէմ անոր կատարելիք մրցումները յետաձգուեցան, որովհետեւ անոնք երկուքը կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքերու: Իսկ...

Լիբանանի 2022-ի Կէս-Մարաթոն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տիրացաւ  Երկու Երրորդութեան

Լիբանանի 2022-ի Կէս-Մարաթոն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տիրացաւ Երկու Երրորդութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2022-ի կէս-մարաթոնը (21,100 քմ): Անոր մեկնարկը տրուեցաւ Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտէն, որ եղաւ նաեւ մարզիկներուն ժամանման վայրը: Տարբեր դասակարգերու այս կէս-մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը ակումբներու մաս կազմող 187 երկսեռ մարզիկներ: Անոր իր մասնակցութիւնը բերած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաջողեցաւ տիրանալ երկու երրորդութեան: Տղոց 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Գէորգ Արապաղլեան հանդիսացաւ...

Ճատրակ.  Էլինա Դանիէլեան` Եւրոպայի Ակումբներու  Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան` Եւրոպայի Ակումբներու Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականի անդամ Էլինա Դանիէլեան նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Եւրոպայի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Դանիէլեան այս ախոյեանութեան կը մասնակցէր աւստրիական Ասվոյէ Փամհակէն ակումբին հետ` իրեն խմբակից ունենալով երկու ուքրանացի եւ լեհ մը: Անոր կազմը այս մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` հինգ յաղթանակով եւ երկու հաւասարութեամբ: Երկրորդ հանդիսացաւ ռումանական «Ա. ԷՍ. Ի.» խումբը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մոնթէ Քարլօ (Մոնաքօ):  ...

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը  Պարտուեցաւ Լիւքսամպուրկէն

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Լիւքսամպուրկէն

Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Ա. խմբակին մէջ կատարուած Լիւքսամպուրկ-Հայաստան մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով: Լիւքսամպուրկ արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը` իր կոլը նշանակելով մրցումին 4-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մարիամ Ստեփանեան:

Միշել Տէր Զաքարեան  Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Միշել Տէր Զաքարեան Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Ֆրանսայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Պրեսթ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Միշել Տէր Զաքարեանը: Անոր հետ միասին իրենց պաշտօնները կորսնցուցին նաեւ անոր օգնականները` Ֆրանք Ռիսեթթօ, Ալեքսանտր Կարիա եւ Տաւիտ Փեքուրա: 59 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 30 յունիս 2023: Ան նախապէս եղած է Նանթի, Քլերմոնի, Ռեմսի եւ Մոնփելիէի մարզիչ: Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ ընդհանուր...

Ռոնալտօ Շնորհակալութիւն  Յայտնեց Իր Խմբակիցներուն

Ռոնալտօ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իր Խմբակիցներուն

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց իր խմբակիցներուն, մարզիչներուն, ակումբներուն, ընտանիքին, բարեկամներուն եւ իր բոլոր համակիրներուն: Նախորդ շաբաթավերջին ան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Էվըրթըն-Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումին (10-րդ հանգրուան) նշանակեց իր կազմի կոլերէն մէկը (2-1): Այս առիթով մանչեսթըրեան ակումբը անոր նուիրեց մարզաշապիկ մը, վրան գրուած` անոր նշանակած կոլերուն քանակը: Անոր...

Էմպափէ Որոշեց Յունուարին  Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Էմպափէ Որոշեց Յունուարին Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Քիլիան Էմպափէի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական խիստ լարուած են: Նշուեցաւ, որ յունուար 2023-ին, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին, ան անմիջապէս պիտի հեռանայ փարիզեան ակումբէն: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 23 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ միանալ Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլին: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ 12 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 11 կոլ:...

Թենիս.  Նովաք Ճոքովիչ Տիրացաւ  Իր 90-րդ Տիտղոսին

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Տիրացաւ Իր 90-րդ Տիտղոսին

Սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ տիտղոսակիր` Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցած «ԷՅ. Ի. ՓԻ. -500» մրցաշարքին գծով: Աւարտականին 7-րդ դասուած Ճոքովիչ իր յաղթանակը արձանագրեց 6-րդ դասուած Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ (Յունաստան), 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Ճոքովիչ այսպիսով տիրացաւ իր 90-րդ տիտղոսին:

«Ֆորմիւլա-1».  Մաքս Վերսթափեն Հանդիսացաւ  Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Հանդիսացաւ Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Ճափոնի կրան փրին (18-րդ հանգրուան) նախորդ շաբաթավերջին վերջ գտաւ աշխարհի գործող ախոյեան «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, նետերլանտցի Վերսթափեն ժամանակէն առաջ ապահովեց աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը, այսպիսով դառնալով աշխարհի կրկնակի ախոյեան: Վերսթափեն, որ ապահովեց տարեշրջանի իր 366-րդ կէտը, այսպիսով անհասանելի դարձաւ իր անմիջական մրցակիցին եւ խմբակիցին` մեքսիքացի Սերճիօ...

Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին  Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցաշարք

Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, նուիրուած` Կարէն Խիւտավերտեանի յիշատակին: Երկու շաբաթավերջերու վրայ երկարած (1-2 եւ 8-9 հոկտեմբեր) այս մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, իրենց  մասնակցութիւնը բերին 2009-2010-ի ծնունդ տղոց չորս խումբեր: Տիտղոսին տիրացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ աւարտականին 4-0 արդիւնքով յաղթեց «Պի. Սփոր» խումբին: Մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Քրիստ Քալաշ (ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հաստատ  Քայլերով` Դէպի Կիսաւարտական

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հաստատ Քայլերով` Դէպի Կիսաւարտական

Նախորդ շաբաթավերջին Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Պհամտունի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ, հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` իր մրցակիցին դէմ արձանագրելով բաւական մեծ յաղթանակ մը` 7-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0): Յակոբ Նաճարեան դարձաւ հեթրիքի հեղինակ, Ղասսան Տըլպանի տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ...

Ճատրակ. «Չես-Մուտ»-ի  Միջազգային Մրցաշարք.  Մանուէլ Պետրոսեան  Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Ճատրակ. «Չես-Մուտ»-ի Միջազգային Մրցաշարք. Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Չես Մուտ» միջազգային մրցաշարքը նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` Մանուէլ Պետրոսեան հանդիսացաւ երկրորդ մրցաշարքի տիտղոսակիր: Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ իրանցի Ամիրրեզա Պալա: Շանթ Սարգսեան հանդիսացաւ 4-րդ, իսկ Տիգրան Պետրոսեան` 5-րդ: Այս երկրորդ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 85 ճատրակ խաղացողներ` Հայաստանէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն,...

Կռփամարտ.  Կարէն Տօնականեանի  Երկրորդ Յաղթանակը

Կռփամարտ. Կարէն Տօնականեանի Երկրորդ Յաղթանակը

Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի «Փրաւտա Պոքսինկ» մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Կարէն Տօնականեան իր երկրորդ մենամարտը կատարեց արհեստավարժ ռինկի վրայ: 30 տարեկան հայ կռփամարտիկը, որ մրցեցաւ 19 տարեկան ռուս Եկոր Ֆրոլցովի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց չորրորդ ռաունտին` նաք աութով:  

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային  Հաւաքականը Հասաւ Չեխիա

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Չեխիա

Երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը հասաւ չեխական Փլզեն քաղաքը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՖԻՖԱ-ի ֆութսալի 2024-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը վաղը` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:30-ին: Հայրենի կազմը այժմ վեց կէտով կը գրաւէ Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Չեխիա ունի երեք կէտ, մինչ վերջին դիրքը գրաւող Պոսնիա...

Page 359 of 1280 1 … 358 359 360 … 1,280

Արխիւներ