«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Մատրիտ յայտարարեց, որ ակումբը երեք տարիով երկարաձգեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի պայմանագրութիւնը:
31 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմին հետ այսպիսով նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա այս փոխանցումէն ստացաւ 20 միլիոն եւրօ:
Կրիզման նախորդ ամառ Պարսելոնայէն փոխ տրուեցաւ Աթլեթիքոյին:


